ԱՌՕՐԵԱՅ

ԱՌՕՐԵԱՅ Էդվարդ Տանձիկյան. ‹‹Ընտրության արդյունքներում որոշիչ եղավ  MHP-ի ընտրազանգվածը››

Ակօս շաբաթաթերթի գլխավոր խմբագիր Էդվարդ Տանձիկյանը գնահատեց նոյեմբերի 1-ի ընդհանուր ընտրությունները. ‹‹Դժվար ժամանակաշրջան ենք մուտք գործում: Բայց նաև ճիշտ չէ հոռետես լինել››:
ԱՌՕՐԵԱՅ Հայաստանի նոր մարտահրաւէրները

Դաշնակցային Ռուսիա, Եւրասիոյ եւ Հարաւային Կովկասէ ետք, Միջին Արեւելքի մէջ ալ կ՚ընդլայնէ իր ազդեցութեան տարածքը։ Ռուսիա այսպէսով օրըստօրէ աւելի կարեւոր դերակատար մը կը դառնայ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ։ Ռուս զինեալ ուժերու ինքնաթիռները Սուրիա-Թուրքիա սահմանագծին վրայ քանի մը անգամներ հատեցին սահմանը եւ մտան Թուրքիոյ օդային տարածք։ Բացի դիւանագիտական որոշ զգուշացումներէ կամ բողոքի պատգամներու փոխանակումէ, թրքական բանակին պատկանող երկու ուղղաթիռներ 6 եւ 7 Հոկտեմբերին հատեցին Հայաստանի սահմանը։ Նկատի ունենալով Ռուսիոյ Հարաւային Կովկասի տարածքին մեծագոյն զինուորական խարիսխին, 102-րդ զինագունդի գոյութիւնը, հայ մամուլը օդային տարածքի այս ոտնձգութիւնը կը դիտէ, իբրեւ Թուրքիոյ Ռուսաստանին տուած պատասխանը։ Տուեալ պայմաններու մէջ կ՚արժէ քննել Ռուսիոյ Դաշնութեան կովկասեան դարպասը հանդիսացող Հայաստանի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները։ Այս մասին խօսեցանք «Եւրասիոյ Համագործակցութեան Հիմնադրամ»ի վարիչ Գէորգ Տէր Գաբրիէլեանի հետ։
ԱՌՕՐԵԱՅ Ազատ արձակուեցաւ Տիյարպէքիրի Իրաւաբաններու Միութեան նախագահ Թահիր Էլչին

Օրեր առաջ Տիարպէքի­րի Իրա­ւաբան­նե­րու Միու­թեան նա­խագահ Թա­հիր Էլ­չին ձեր­բա­կալուած էր՝ Հոկ­­տեմբե­­րի 14-ին CNN Թիւրք-ի հա­­ղոր­­դումնե­­րէն մէ­­կուն ժա­­մանակ հնչե­­ցու­­ցած հե­­տեւեալ խօս­­քե­­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ. «ՓՔՔ-ն զի­­նուած քա­­ղաքա­­կան շար­­ժում է, որը ու­­նի քա­­ղաքա­­կան պա­­հանջներ եւ շատ լուրջ աջակ­­ցութիւն, եթէ ան­­գամ անոր որոշ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը ահա­­բեկ­­չա­­­կան բնոյթ կը կրեն»։