ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ
Տարելից եւ նորակերտ շիրիմի բացում երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի
Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս միաբաններէն եւ Գերմանիոյ թեմի հիմնադիր ու առաջնորդ երջանկայիշատակ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի տարելիցն ու նորակերտ շիրիմի բացումը կատարուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։
Վերյիշելով հինգ հաստատութիւնները եւ աւելին
Հայ համայնքը ինչպէս պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ պարտադրուած սահմանափակումներուն այս վերջինին հանդէպ ալ որդեգրեց ընդունակ կեցուածք եւ չի փորձեց անգամ առարկելու, ընդառաջելով որոշ շրջանակներու թելադրած վախին։
Առգրաւուածը կրկին վաճառել կ՚ուզեն
Ճորճ Ասլան դիտել տուաւ որ Մարտինի եւ շրջակայքի ասորիներ ահաբեկչական դէպքերու պատճառաւ հեռացած են իրենց բնօրրանէն։
Կիները ետքայլ չունին
25 Նոյեմբեր Կիներու հանդէպ բռնութեան դէմ պայքարի օրը դարձեալ ոստիկանական ճնշումներով յիշատակուեցաւ։ Իսթանպուլի կուսակալը առաւօտուան ժամերէն հրապարակած յայտարարութիւնով արգիլեց բոլոր հանրահաւաքները։
Պապի եւ Էրտողանի՝ յայտարարութիւնը. Այցելութիւնը մեր ընդհանուր հիմքը ամրապնդող կարեւոր քայլ մըն է
Պապը իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ, իր առաջին արտասահմանի այցելութիւնը դէպի Թուրքիա եղած է. Թուրքիոյ Քրիստոնէութեան արմատներուն հետ կապերուն եւ Պոլսոյ կամուրջի պատկերին խորհրդանշած յատուկ դերին ուշադրութիւնը հրաւիրելով իր խօսքը արդար եւ մշտական խաղաղութեան մաղթանքով աւարտեց։
«Calfa» եւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը պիտի աջակցին Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուայնացման
Հայաստանի Ազգային գրադարանի (Հ.Ա.Գ.) տնօրէն Աննա Չուլեան օրերս աշխատանքային հանդիպում մը ունեցած է «Calfa» արհեստագիտական կեդրոնի տնօրէն՝ Շահան Վիտալ-Կորէնի եւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի (BnF — Bibliothèque nationale de France) DataLab-ի համակարգող՝ Մարի Գարլէնի հետ:
Վերաշինութիւնը իր հետ կը բերէ պահանջներ
Հոգեւորականներու խօսոյթի մէջ յաճախ կը յիշուի. «Եկեղեցին ժողովուրդ է» հաստատումը։ Իրականութեան մէջ Ամիտայի եկեղեցւոյ օրինակը այդ հաստատումի վառ ապացոյցն է։ Թերեւս ալ այս դիտանկիւնէն պէտք է ընկալել նախորդ շաբաթ քաղաքի երկրորդ կարեւոր եկեղեցիի՝ Սուրբ Սարգիսի վերաշինութեան համար կայացած ստորագրութիւնները։
Քահանայական նոր ձեռնադրութիւններ
Սեւան Տէյիրմէնճեանի քահանայ ձեռնադրութեամբ պոլսհայութիւնը անգամ մը եւս պիտի ունենայ ուսուցչական ասպարէզէն եկող հոգեւորական մը։ Այս պատկերը մտածել կու տայ, համայնքի հաշւոյն շահի եւ կորուստի վերաբերեալ միտքեր։
Բացում՝ Պէյրութի Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին
27 Հոկտեմբեր 2025-ին Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի դահլիճին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին բացումը։

