ՊԷՅՐՈՒԹ
Բացում՝ Պէյրութի Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին
27 Հոկտեմբեր 2025-ին Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի դահլիճին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնին բացումը։
Արկածախնդրութիւն մը Պուրճ Համմուտի թաղերուն մէջ
Օր մը, ճարպիկ ընկերներէս մէկը՝ Ասատուրը առաջարկեց մեր թաղին մօտէն անցնող լայն պողոտայով երթալ մինչեւ կամուրջ՝ հոնկէ գետին ջուրը դիտելու եւ քանի մը հատ ալ քար նետելու, յետոյ պաղպաղակ ուտելու մօտերը գտնուող Նուպա սրճարանէն եւ առանց մէկու մը ուշադրութիւնը գրաւելու վերադառնալ թաղ:
Մէկ քիլօ նուշ, մէկ թաղ վար
Ամրան տաք յետմիջօրէի մը, հայրս ինձմէ ապսպրեց «մէկ քիլօ նուշ» բերել մեր թաղէն եւ Նոր Մարաշ անցնիլ միայն հոնկէ չգտնելուս պարագային։ Այդ օր փափաքս իրականացաւ եւ առջեւս առիթ բացուեցաւ առանձինս կտրելու 9 տարեկան փոքր հասակիս համար այլապէս արգիլուած պողոտան։ Խանդավառութեամբ մտայ առաջին խանութը եւ, նկատելով, որ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր վաճառորդին հետ, պարզապէս ըսի՝ «Պատտի քիլօ նուշ» (արաբերէն՝ մէկ քիլօ նուշ կ՚ուզեմ)՝ առանց գիտնալու նուշին արաբերէն չըլլալը։

